Մարդկային մեր կեանքին մէջ գիրքը, վաւերական եւ ճշմարտութեան աղբիւրէն արտահոսած գիրքը լաւագոյն սպեղանին է, մեղմացնող դեղ , դարմանիչ, հոգենորոգող եւ հականեխիչ մարդկային ՙանբժշկելի՚ այն հիւանդութեանց որոնք նիւթեղէն եւ նիւթապաշտ այս աշխարհին մէջ, մարդու աչքին անտեսանելի են։
Դարուս մէջ, մարդ միայն նիւթով չէ որ պիտի պարարտանայ, լեցուի եւ ուռի։ Աստուածային ճշմարտութիւնը այ̛ն է որ. "Ոչ միայն հացիւ կեցցէ մարդ"... Խօսք մը որ ներկայ մարդկութեան համար միայն գրքային արժէք է, սակայն ոչ գործադրելի կամ կիրարկելի։ Սակայն ներկայ կամ գալիք դարերուն, միայն մաքուր խօսքը, մտածումը, գիրքը կը մնայ մարդուն լաւագոյն բարեկամը, անոր մշտանորոգ, հոգելից ապրումներ տալու եւ իր մտահորիզոնը լայնածիր բանալու իմաստութեան բոլոր անկիւններուն։
Հայ հասարակութեան կեանքը իր լաւագոյն հոգեւոր վիճակը կրնայ ստանալ ներծծելով հայ գիրքէն եւ հայ եկեղեցւոյ զուլալ աղբիւրէն։ Թող չլեցուին միայն գրպան եւ կեանքի նպատակ, այլ առաջնայինը թող ըլլայ մտամբարուած իմաստութիւնը, աստուածային շնորհքներով։