Armenian Church Library     Հայ Եկեղեցւոյ Գրադարան
  • Home
  • Church
    • Armenian Church
    • What is Orthodoxy?
    • Our Creed
    • Brief History of Armenian Church
    • Church Calendar
    • The Sacraments
    • History of Armenian Printing - 1512
  • Blog
  • Books
    • Armenian >
      • Կրօնական - Religious
      • Այլազան - Other
    • English
    • New Books
  • Lectionary
    • Ցուցակ Տարւոյ Պատարագներու
    • 2012 Օրացոյց Calendar
    • 2012 Sunday Liturgy Readings >
      • Holy Week Readings
      • New Sunday - 5th after Pentecost
      • Brk. of Transfiguration - Brk. of Exaltation
      • Exaltation - End of Year
  • Videos
    • St-1 Երգեցողութիւնք, Hymns >
      • Church Hours
      • Divine Liturgy >
        • Yekmalian Liturgy
        • Komitasian Liturgy
        • Khorenian & Variants
        • Hagiodies
      • Holy Week
      • Hymns >
        • Մեղեդիներ - Melodies
        • Տաղեր - Poetics
        • Շարականք - Liturgicals
      • Spiritual
    • St-2 Եկեղեցի, Church >
      • Հոգեւոր Զրոյցներ - Spiritual Talks
      • Հարց ու Պատասխան, Q & A
      • Աղանդագիտարան, Cults
    • St-3 Վաւերագրական, Documentaries >
      • Church Documentaries
      • Genocide Documentaries
      • Արեւմտահայաստան Կորուսեալ Հայրենիք
    • St-4 Մշակոյթ, Cultural >
      • Կոմիտաս Վրդ. Fr. Komitas
      • Այլք - Other Songs
    • St-5 Ֆիլմեր, Films, Movies >
      • Armenian Religious Movies
      • Armenian National Movies
    • St-6 Bible Films English >
      • Classics
      • Old Testament
      • New Testament
  • Links
    • Armenian Dictionaries
    • Encyclopedias
    • Searches & Map
    • World News
  • Contacts

Կեղծաւորութիւն

6/26/2012

1 Comment

 
Picture
Քրիստոնէական բարոյականը հիմնուած է Քրիստոսի եւ Անոր ուսուցումներուն վրայ: Ի՞նչ էր Աստուածորդիին ուսուցումներուն եւ քարոզխօսութեանց հիմնական նպատակակէտը. ՍԷ՛Ր ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ ԵՒ ՍԷ՛Ր ԱՌ ՄԱՐԴԻԿ: Այսօրուան մեր ընկերութեան թատերաբեմը լեցուն է պէս-պէս մարդոցմով, որոնց սէրը պայմանաւորուած, պատճառաւորուած հիմունքներու վրայ ամրակայուած է: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ երեք տեսակի սէր կայ. առաջին` «պայմանական» սէր, որուն կարգախօսը «եթէ»-ն է, իսկ պտուղը` շահը: Երկրորդ` «պատճառաւոր» սէր, որուն նշանաբանը «որովհետեւ»-ն է, իսկ արգասիքը` տուեալ անձին կամքը: Երրորդ` «ճշմարիտ» սէր, որ հիմնուած է անշահախնդիր, անպատճառաւորուած եւ անպայմանաւորուած սիրոյ վրայ: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Սէր ունեցողը համբերատար կ՛ըլլայ եւ քաղցրաբարոյ: Սէր ունեցողը չի նախանձիր, չի գոռոզանար, անպատշաճ վարմունք չ՛ունենար, միայն ինքզինք չի մտածեր, բարկութեամբ չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չ՛ուրախանար, այլ ուրախակից կ՛ըլլայ ճշմարտութեան: Սէր ունեցողը միշտ կը զիջի, միշտ կը հաւատայ, միշտ կը յուսայ եւ միշտ կը համբերէ» (Ա.Կր. 13.4-7):

«Ամէն անգամ որ գտնուած եմ մարդոց ընկերութեան մէջ, դարձած եմ նուազ մարդ», կ՛ըսէ Սենեկա: Աշխարհը լի է կողմնակցութեան համակիր, պատիր դիմակաւոր եւ կեղծաւոր մարդուկներով, որոնք քեզի ժպտաշուրթն կը ներկայանան, կ՛ողջագուրուին պիղծ համբոյրներով, մինչդեռ ընկրկումդ ու նահանջդ կ՛ոգեւորեն զանոնք, իսկ յառաջխաղացքդ կը մտատանջէ ու կ՛անհանգստացնէ: Նմանէ Քրիստոսի, եւ օրինակելի կեցուածքովդ եւ քրիստոսատիպ վարքովդ օրինակ դարձիր անոնց, որովհետեւ իրենց սիրտը պատուած է որոմներով…

1 Comment
Rev Muron Aznikian
8/10/2017 12:08:14 pm

Սքանչելի դաստիարակչական բնոյթով այս համացանցը հարուստ եւ բազմաբնոյթ իր բովանդակութեամբ կարեւոր եւ այժմէական գիտելիք կը փոխանցէ Հայ եկեղեցւոյ դարաւր Առաքելական հաւատքին, եզակի ժառանգութեան եւ մշակութային հարստութեան՝ որոնց պահապանն ու պաշտպանը բայց մանաւանդ շարունակողներն ու անաղարտ պահպանողները հայ Նոր Սերունդը պիտի ըլլայ: Յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն:

Reply



Leave a Reply.

    Author

    The author of ACL blog is a reader and translator of books. One of the goals in his life is to convey and transfer the rich Armenian Orthodox treasure to all those interested. Life could be more meaningful with reading, listening, learning and transferring.

    Archives

    June 2012
    May 2012

    Categories

    All

    RSS Feed

Powered by Create your own unique website with customizable templates.