Հայ Տպագրութեան Պատմութիւն

Հայաստանեայց Տպագրութեան գիւտը 1455 թ. Կիւթենպէրկի միջոցաւ Գերմանիոյ մէջ մեծ յեղաշրջում յառաջացուց, Եւրոպայի մէջ լայն կարելիութիւն բացաւ, միաժամանակ ժողովուրդներու իմացական զարգացման, յառաջդիմութեան եւ մշակութային փոխ-յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ:
Հայկական առաջին տպագըրութիւնները տեղի ունեցան Վենետիկ, 1512-1513 թթ. Յակոբ Մեղապարտի ձեռքով, ուր տպագրուած են հինգ գիրքեր. «Պարզատումար», «Աղաթարք», «Ուրբաթագիրք», «Պատարագատետր» եւ «Տաղարան»:
Երկրորդ հայը որ Վենետիկի մէջ զբաղած է հայերէն տպագրութեամբ Աբգար դպիր Թոխատեցին է, որ 1565 թ. յանձնարարութեամբ Միքայէլ Սեբաստացի Կաթողիկոսին, հրատարակած է հայերէն պատկերազարդ «Սաղմոսարան» եւ «խառնափնթուր» գիրքերը: Աբգար դպիր 1567-ին կը թողու Վենետիկը ու կ՛անցնի Կոստանդնուպոլիս, ուր կը տպէ եօթը գիրքեր` 1567-ին «Փոքր քերականութիւն կամ այբբենարան», 1568-ին «ժամագիրք կամ աղօթամատոյց», 1568-ին «Տօնացոյց», 1568-ին «Պարզատումար» եւ «Տաղարան» եւ 1569-ին «Մաշտոց»: Այսպիսով Կոստանդնուպոլիսը կը հանդիսանայ հայկական տպագրութեան երկրորդ օճախը:
Հայ տպագըրութեամբ զբաղող երրորդ անձնաւորութիւնը Յովհաննէս Անկիւրացի վարդապետն է, որ Վենետիկի մէջ կը տպէ 1642-1643 «Սաղմոս» եւ «Յիսուս Որդի» գիրքերը:
Իսկ արեւելքի մէջ առաջին փորձերը կատարուեցան Նոր Ջուղայի մէջ` 1639-ին «Հարանց վարք» եւ 1642-ին Ամենափրկչի տպարանէն «Ատենի ժամագիրք», իսկ Յովհաննէս վրդ. Ջուղայեցի 1643-ին կը տպագրէ «Սաղմոս»: Տպագրութեան տենդագին առաջին նախափորձերը ծնունդ տուին Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան, հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսին (1655-1680) եւ Ս. Էջմիածնի միաբան Ոսկան վարդապետ Երեւանցիի ջանքերով ու հսկողութեամբ:
Աստուածաշունչի հայերէն առաջին հրատարակութիւնը` Ոսկան վրդ. Երեւանցիի նախաձեռնութեամբ (1614, Նոր Ջուղա- 4 Փետրուար 1674, Մարսէլ):
Հայոց հայրենասէր ու լուսամիտ հայրապետներէն Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոս Իտալիա կ՛ուղարկէ ղարաբաղցի Մատթէոս սրկ. Ծարեցին: Ան երկու տարի Վենետիկի եւ Հռոմի մէջ կը հանդիպի մեծ դժուարութիւններու, հալածանքներու պատճառով կը թողու Իտալիան եւ կու գայ Հոլանտայի Ամսթերտամ քաղաքը, ուր կը գործէր Էյուդուիկ եւ Դանիէլ Էլզեվիրներու հարուստ տպարանը: Ծարեցին 1658 Նոյեմբեր 27-ին տառեր փորագրող արուեստագէտ Վան Դէյկնի հետ պայմանագիր կը կնքէ պատրաստելու երեք տեսակ տառեր` Աստուածաշունչ տպագրելու համար: 1660 թ. Վան Դէյկնի պատրաստած տառերով Ծարեցին կը տպագրէ Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս Որդի»ն: Ծարեցիի մահէն ետք Ոսկան վրդ. Երեւանցիի եղբայրը մեծ վաճառական Ղլիջենց Աւետիս կը վճարէ ձուլարանի պարտքերը եւ Ծարեցիի աշխատակցած տպարանը կը յանձնէ Էջմիածնի, եւ այդ հիմնարկը 1661-ին կը ստանայ «Տպարան Էջմիածնի եւ Ս. Սարգիսի» անունը, եւ ըստ Լէոյի «Հայոց Պատմութիւն» Գ. էջ 445 «Ծարեցու հետ նա երկրորդ դէմքն էր, որի շնորհիւ Հոլլանդիան դարձաւ հայ լուսաւորութեան երկրորդ հայրենիքը եւ այդ տպարանէն լոյս տեսան «Ատենի ժամագիրք», «Յիսուս Որդի» եւ «Սաղմոս» գիրքերը»:
Հայերէն Աստուածաշունչի առաջին տպագրութեան պատիւը կը վիճակուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբան Ոսկան վրդ. Երեւանցիին: Ան օրուան կաթողիկոս Յակոբ Ջուղայեցիի հրամանով կը մեկնի էջմիածնէն Հոլանտա 1662-ին, գլխաւորելու Հոլանտայի «Էջմիածին» տպարանին: Ան իր հետ կը բերէ Կիլիկիոյ Հեթում Բ. թագաւորի 1295-ին գրչագիր Աստուածաշունչը, որ յարմարեցուած է Վուլկատայի (Լատինական բնագըրին): Ոսկան վրդ. Աստուածաշունչի տպագրութենէն առաջ կը տպէ «Այբենարան եւ քրիստոնէական» դասագիրք մը, որ լոյս կը տեսնէ 1666-ին:
Ոսկանեան Աստուածաշունչի տպագրութիւնը տեւած է 2 տարի եւ 7 ամիս (1666 Մարտ 11-էն 1668 Հոկտ. 13), տպագրութիւնը կատարուած է վարպետօրէն: Անուանաթերթը կազմուած է չորս փայտափորագիր կտորներէ, աջ եւ ձախ զարդանկարներուն մէջ հաւատք եւ յոյս խորհըրդանշող մարդկային կերպարանքներէ: Աստուածաշունչ բառը թռչնագիրով է, կազմը` կարմիր կաշեպատ, հաստ տախտակէ, բանիմացօրէն կիրառուած են հայկական առոգանութեան բոլոր նշանները, գործածուած են եօթը տեսակ տպագրատառեր, բոլոր նկարները գերմանացի Վան Դէյկնի աշխատասիրութիւններն են: Պատմաբան Լէօն բարձր գնահատելով Ոսկանի հրատարակած Աստուածաշունչի պատմական եւ մատենագրական արժէքը կը գրէ. «մի արդարեւ մեծ գործ, որ վաղուց ի վեր պահանջ էր դարձել ազգի մէջ եւ շատերի տենչանքն էր, բայց մնացել էր երազ»: Իսկ Օրմանեան պատրիարք «Ազգապատում»ի Գ. հատորի էջ 2544-ին մէջ կը գրէ. «Ոսկանի անձնաւորութիւնը արժանի է մեր ազգին մտաւոր զարգացման տեսակէտէն` մեծ երախտաւորներու կարգը դասուիլ»:
Երեւանի հանրային գրադարանը Ոսկանի հրատարակած Աստուածաշունչէն ունի 5 հատ, իսկ մատենադարանը` 12 հատ:
Ոսկան վրդ. Երեւանցին մահացաւ 60 տարեկան հասակին, 1674-ին, անմահ անուն ձգելով հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ:
Աստուածաշունչի հայերէն երկրորդ հրատարակութիւնը Ոսկան վարդապետ Երեւանցիի հրատարակութենէն ետք Աստուածաշունչը երկրորդ անգամ կը հրատարակուի Կոստանդնուպոլիս 1705-թ., Պետրոս Լատինացիի կողմէ, որ Ոսկան վարդապետի ազգականն էր:
Լատինացին տպագրական տառերը փոխ առնելով Ոսկանի տպարանէն 1704-թ. կը հաստատուի Կոստանդնուպոլիս, այնտեղ հիմնելով իր տպարանը: Պետրոս Լատինացիի տպարանէն լոյս կը տեսնեն Ստեփանոս Լեհացիի թարգմանութեամբ «Բուրաստան Աղօթից», «Գիրք Տոմարաց» գիրքերը 1709-ին եւ «Ատենի Ժամագիրք»ը 1712-ին:
Պետրոս Լատինացիի Աստուածաշունչը մանրատառ եւ պատկերազարդ է, բաղկացած է Հին եւ Նոր Կտակարանէ, ունի մօտաւորապէս 1157 էջ, Տիտղոսաթերթին վրայ գրուած է. «Աստուածաշունչ հնոց եւ նորոց կտակարանաց ներ պարունակող շարակարգութեամբ նախնեաց մերոց եւ ճշմարիտ թարգմանչաց: Ի հայրապետութեան Տեառն Նահապետի կաթողիկոսի Ամենայն Հայոց, ի թագաւորանիստ մայրաքաղաքն Ստամպօլ, ի թաղն Պէկօղլի կոչեցեալ եւ թուաբերութեան հայոց ՌՃԾԴ. Մայիս ամսոյն Ա. եւ Ի. թուին փրկչին 1705»:
Երեւանի Պետական հանրային գրադարանը այս հրատարակութենէն ունի մէկ օրինակ, իսկ մատենադարանը` չորս օրինակ: Պետրոս Լատինացիի տպագրած Աստուածաշունչը կրկնութիւնն է Ոսկան Երեւանցիի տպագրած Աստուածաշունչին: